Արցախի քրիստոնյաների դեմ տեղի ունեցածն էթնիկ զտում է. Գերաշնորհ Գևորգ Եպիսկոպոս Սարոյան
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ` Գերաշ. Գէորգ Եպս. Սարոեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի հրաւէրով այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ` Վատիկան, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու 97րդ լիագումար ժողովին զեկոյց ներկայացնելով Արցախահայութիւնը յուզող խնդիրներու մասին։
Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հոգեւորականին հետ, որ անդրադարձաւ իր ելոյթի ու այլ նիւթերու հայող հարցերուն։