Արամ Ա. Կաթողիկոսն ընդունել է Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Լիբանանի շրջանային վարչությանը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ընդունել է Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Լիբանանի շրջանային վարչությանը։
«Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լիբանանի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները։
Այցելութեան ընթացքին վարչութեան ներկայացուցիչները Հայրապետին ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպութեամբ 18 Հոկտեմբեր2026-ին տեղի ունենալիք Նաւասարդեան խաղերու բացման հանդիսութեան մանրամասնութիւնները եւ հրաւիրեցին Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուելու ձեռնարկին։
Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան, յատկապէս նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, մարզական ոգիի զարգացման եւ երիտասարդութեան համախմբման ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքին համար։ Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու մշակումով շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը՝ միշտ իր ծառայութեան առանցքը ունենալով հայ երիտասարդութեան համախմբումն ու ազգային արժէքներու ամրապնդումը»,-նշված է Արամ Ա Կաթողիկոսի հայտարարության մեջ։



